2014-11-10 09:02:34

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը Ֆրանսացի ժառանգաւորներուն` Լուրտի սրբավայր կատարած ուխտագնացութեան առթիւ։


(Ռ.Վ. 10 նոյեմբեր 2014) Ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կայքին վրայ, անցեալ 8 նոյեմբերին, հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ֆրանսայի նորընծաներուն ուղղած` 24 հոկտեմբեր թուակիր պատգամ մը, անոնց` 9 եւ 10 նոյեմբերին Լուրտի սրբավայր կատարած ուխտագնացութեան առթիւ։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք նորընծաներն ու անոնց պատասխանատուները շեշտը կը դնէ երեք կարեւոր բառերու վրայ` եղբայրութիւն, աղօթք եւ առաքելութիւն։
Նորին Սրբութիւնը մեկնելով գործ առաքելոցի մէջ նշուած` ''առաքեալները ունէին մէկ սիրտ'' նախադասութենէն, քահանայութեան պատրաստուող թեկնածուներուն յայտնեց թէ ''նորընծայութեան'''շրջանը կը համապատասխանէ Յիսուսի առաքեալներուն ապրած փորձառութեան, ուր անոնք ամիսներու ընթացքին Յիսուսին հետ մնալով, կազմաւորուեցան որպէսզի ապա մեկնին ու Բարի Լուրը տարածեն համայն աշխարհին։ ''Առաքեալներուն եղբայրութիւնը, որ կ՛արտայայտէ սրտի միութիւն, անբաժանելի մաս մըն է ձեր կոչումին որովհետեւ քահանայական առաքելութիւնը չի կրնար անհատական ըլլալ'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, հուսկ ակնարկեց աղօթքին ու անոր կարեւորութեան։ ''Ձեր կազմաւորումը ունի որպէս հիմք Աստուծոյ խօսքը որ ձեզ կը սնուցանէ եւ կը լուսաւորէ, ասոր համար ձեզ կը յորդորեմ ամէն օր երկար ժամանակ նուիրել աղօթքին, այնպէս ինչպէս ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոսը, երբ կը մեկուսանար աղօթելու առ Հայր։ ''Ձեր աղօթքը թող ըլլայ կոչ մը Սուրբ Հոգւոյն, Ան է որ կը կառուցէ Եղկեցին եւ կ՛առաջնորդէ աշակերտները ու անոնց կը պարգեւէ հովուական եռանդն ու սէրը'', հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա անդրադարձաւ երրորդ բարին` առաքելութիւն։ ''Սուրբ մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ դուք կը դառնաք աւետարանը հռչակողներ։ Քահանայական ձեռնադրութեամբ դուք կ՛ընդունիք պարտականութիւնը աւետելու Խօսքը, ձեր եպիսկոպոսներուն պատասխանատուութեան տակ։
Մինչ կը պատրաստուիք այս առաքելութեան գիտակից եղէք թէ Տիրոջ վերջին պատգամը եղաւ ''Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը ու զանոնք մկրտեցէք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ, անոնց սորվեցնելով այն ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի''։
Ձեր կազմաւորումի շրջանը ունի միայն մէկ նպատակ` դառնալ խոնարհ աշակերտ-միսիոնարներ առաքելութեան համար։ Ձեզ կը քաջալերեմ ճանչնալու եւ ծանօթանալու միջավայրին, որուն մէջ պիտի ծառայէք, ու ձեր մէջ արմատացնելու` ձեզմէ դուրս ելլելու եւ ուրիշի հանդիպելու արտացոլումը, ընթանալով դէպի կեանքի արուարձանները։
''Առաքելութիւնն ու աղօթքը իրարմէ անբաժան են որովհետեւ աղօթքը ձեզ կը բանայ Սուրբ Հոգւոյն որ ձեր առաքելութիւնը կ՛առաջնորդէ, եւ առաքելութիւնը որուն հոգին` սէրն է, կը կայանայ առաջնորդել բոլոր անոնք որոնց կը հանդիպիք ընկալելու Տիրոջ քնքշութիւնը, մկրտուելու, փառաբանելու Աստուած, ապրելու ս հաղորդութիւնը ու ապա իրենց կարգին մասնակցելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան'', յայտնեց Քահանայապետը պատգամին աւարտին ու ապա հայցեց Աստուածամօր հովանին ու բարեխօսութիւնը որպէսզի զանոնք ամրապնդէ երեք առանցքային կէտերու մէջ` եղբայրութիւն, աղօթք եւ առաքելութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.